2016-04-09 11:03:00

Ապրիլ ամսուայ Յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւնը` Ողորմութիւն եւ գթութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 9 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, ողորմութեան յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, շնորհեց Ապրիլ ամսուայ յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը` խօսքը կեդրոնացուց օրուան Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած Ողորմութեան եւ ողորմածութեան մասին հատուածին վրայ (Մատթ 6, 1-14), յայտնելով թէ այդ հատուածը առիթ կու տայ յայտնաբերելու ողորմութեան էական մէկ երեւոյթը` ողորմածութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց ողորմածութիւն բառին վրայ, որ իր հետ կը բերէ ողորմութեան եւ գթութեան ամբողջ հարստութիւնը։ Այնպէս ինչպէս գթութիւնը ունի հազարաւոր ուղիներ եւ հազարաւոր ձեւեր նոյնպէս ալ ողորմութիւնը կ՛արտայայտուի բազմաթիւ ձեւերով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եւ ակնարկեց Հին կտակարանին մէջ` ողորմութեան։

Զոհաբերումը եւ ողորմութիւնը հաւատացեալի երկու պարտականութիւններ էին։ Հին կտակարանին մէջ կան էջեր` ուր Աստուած յատուկ ուշադրութիւն կը խնդրէ ի սպաս աղքատներուն, որոնք մերթ ընդ մերթ, չքաւորներ են, օտարականներ են,­ որբեր են եւ կամ այրիներ։ Զանոնք յիշելէ անդին­­, կայ նաեւ յանձնարարութիւն մը. ''Առատաձեռնութեամբ պարգեւէ եւ երբ ողորմութիւն կ՛ընես սիրտդ թող չտխրի''։

''Այս կը նշանակէ թէ եղբայր օգնութիւնը կը պահանջէ նախ եւ առաջ ներքին ուրախութիւն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ մատնանշեց Յիսուսի խօսքերուն` զգոյշ եղէք ողորմութիւնը մի ընէք ի ցոյց մարդոց, անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, որովհետեւ պիտի կորսնցնէք ամէն վարձատրութիւն, ձեր հօր քով որ երկինքն է։  Կարեւորը ցուցամոլութիւնը չէ այլ կարողութիւնը կանք առնելու եւ օգնութիւն հայցող անձին աչքերուն մէջ նայելու. ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ հրաւիրեց ողորմութիւնը պարզ եւ արագօրէն դրամ տալով չկատարել  այլ կանգ առնել եւ խօսիլ ու հասկնալ կարիքաւորին պահանջները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց զանազանութիւն դնել աղքատին եւ մուրացկանի միջեւ­, հաստատելով թէ ողորմածութիւնը սիրոյ արարք մըն է, անկեղծ ուշադրութեան ժեստ մըն է, գաղտնապահօրէն կատարուած, եւ որ միայն Աստուած կը տեսնէ եւ կը հասկնայ անոր արժէքը։

Մերը ընենք ուրեմն Պօղոս առաքելի խօսքերը ''ձեզի ցոյց տուի թէ ինչպէս` չարչարուելով պէտք է օգնութեան հասնիլ տկարներուն, յիշելով Տիրոջ խօսքը որ կ՛ըսէ ''աւելի լաւ է տալ քան առնել''։

Խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները,  յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։

Այս Սուրբ Տարին` թող ապրուի յատուկ օրէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով երիտասարդները, հաւատարիմ մնալ իրենց մկրտութեան խորհուրդին, կեանքի հետեւողական վկայութեամբ, ապա հիւանդներուն մաղթեց` որ Սուրբ Զատկուայ լոյսը լուսաւորէ ու սփոփէ անոնց ցաւերը հուսկ նորապսակներուն հրաւիրեց. Զատկուայ խորհուրդէն քաղելու քաջութիւնը, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ դառնալու համար դերակատարներ եւ սատարելու սիրոյ քաղաքացիութեան կառուցումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.